Ուաշինկթըն անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման կարելիութեան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել, անդրադառնալով Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ վերջիններուս ազատ արձակման կարելիութիւններուն՝ ըսաւ, որ որեւէ երկիր պէտք է բոլոր բանտարկեալներուն հետ մարդկայնօրէն, արժանապատուօրէն եւ միջազգային իրաւունքին համապատասխան վերաբերի:
Ան այս մասին խօսեցաւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախարարութիւնը արդեօք կը հետեւի՞ Պաքուի մէջ պահուող հայ անձերուն, որոնց կարգին Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութեան անդամներուն իրավիճակին, եւ կա՞յ որեւէ տարբերակ, որուն միջոցով Միացեալ Նահանգները կրնայ օգնել այդ անձերը ազատ արձակելու ջանքերուն։
Փաթել վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ներգրաւուած մնալ Հարաւային Կովկասի հարցերուն մէջ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ