Ի՞նչ կը մտածենք քրիստոնէութեան մասին 2024 տարիէն ետք - Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
2024 Տարիներ անցան, երբ եկեղեցին ծնաւ եւ քրիստոնէութիւնը սկիզբ առաւ: Դարերու ընթացքին եկեղեցին՝ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինը, ապրեցաւ տարբեր տեսակի ալիքաւորումներ: Ունեցաւ բարգաւաճ օրեր, ինչպէս նաեւ անցաւ տխրաթախիծ ժամանակներէ: Ապրեցաւ ուրախութեան եւ յաղթանակի օրեր, ինչպէս նաեւ տառապանքի եւ հալածանքի ժամանակներ: Այս բոլոր ելեւէջներուն ընթացքին քրիստոնեան այնքան ատեն, որ կառչած մնաց իր ճշմարիտ աստուածային հաւատքին եւ կենսատու յոյսին, ան ստեղծագործեց, շինեց, յայտնաբերեց, եղաւ գիւտարար եւ աղբիւր նորոգութեան եւ բժշկութեան:
Շատ գրքեր հրապարակուած են, յատկապէս վերջին տասնամեակներուն, որոնք կ'արծարծեն այն նիւթը՝ թէ ի՞նչ իրավիճակի մէջ պիտի ըլլար աշխարհը, եթէ Յիսուս ծնած չըլլար: Հոն կը տեսնենք քրիստոնէութեան կատարած ներդրումը մարդկութեան եւ աշխարհի պատմութեան մէջ: Կրթական հաստատութիւններ, համալսարաններ, հիւանդանոցներ, տպարաններ եւն., բոլորը քրիստոնեայ մշակոյթին արտադրութիւնն են: Արեւմուտքի մշակոյթը, որով աշխարհը կը պարծենայ աւետարանին եւ աւետարանը կրող քրիստոնեաներուն ծնունդն է:
Հայաստան աշխարհը անմասն չմնաց այս բոլորէն: Քրիստոսի բերած լոյսը ճառագայթեց նաեւ մեր ազգին եւ լեռնաշխարհին վրայ: Աստուած մեր ժողովուրդն ալ այցելեց եւ իր Արքայութիւնը տարածեց մեր մէջ: Այսպիսով Իրէն կը պարտինք մեր դպրութիւնն ու մշակոյթը: Իր ծառան՝ Ս. Մեսրոպ, աւետարանը տարածելու համար ստեղծեց հայ գիրերը, որով մեր հայկական ինքնութիւնը հաստատ հիմքերու վրայ դրաւ: Գիր եւ գրականութիւն, վանքեր եւ հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթի բոլոր երեսները ծնունդն են քրիստոնէական հաւատքի գործնական արտայայտութեան:
Բոլոր ազգերու պարագային հարցը միեւնոյնն է՝ Քրիստոս իր եկեղեցւոյ՝ արքայութեան միջոցաւ ստեղծեց այնպիսի իրականութիւն մը, ուր մարդ արարածը պիտի ապրէր երկնային եւ օրհնեալ վիճակը:
Ինչպէս վերեւ յիշեցի մարդը՝ այնքան ատեն, որ հաւատարիմ մնաց աստուածային պատուիրաններուն, կարողացաւ «ամէն ինչ բարիի գործակից» դարձնել ( Հռոմ. 8:28):
Մարդը տեսնելով այս բոլոր սքանչելիքները, հիացած իր ձեռքի գործով, կարծեց որ կրնայ անտեսել զԱստուած, եւ վայելել միայն Անոր օրհնութիւնները: Այն վայրկեանէն, որ մարդ արարածը մտածեց, որ կրնայ ապրիլ առանց Աստուծոյ, կորսնցուց իմաստն ու օրհնութիւնը բոլոր ստեղծագործութեան: Ոմանք ներկայ աշխարհի խառնիճաղանճ վիճակը կը նմանեցնեն Սոդոմ – Գոմորի օրերուն, նոյնիսկ անկէ ալ աւելի անբարոյ: Վերջերս Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւններուն կատարուած հայհոյանքը ( blasphème ), որ ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին դէմ ուղղուած անարգանք մըն էր, արտայայտութիւնն էր ներկայի յետ քրիստոնէական մշակոյթին:
Ներկայ աշխարհը դարեր եւ դարեր վայելելէ ետք քրիստոնէութեան ծնունդ տուած մշակոյթի ազատութիւնը, հիմա կռնակ կը դարձնէ իր Աստուծոյն եւ Անոր պարգեւած բոլոր օրհնութիւններուն: Աստուած իր օրհնութիւնները կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք իր պատուիրանները կը պահեն: Այն վայրկեանին, որ երես դարձնենք Աստուծոյ, կը կորսնցնեն բոլոր այն շնորհքները զորս ստացանք իրմէ:
2024 տարիներ ետք, դադրեր եւ դարեր Աստուծոյ հետ քալելէ ետք եւ վայլելէ իր հայրական նախախնամութիւնը, ապերախտ չըլլանք: Աստուծոյ սէրը չնուազեցաւ իր զաւակներուն հանդէպ: Ան կը սպասէ մեզի, ինչպէս անառակ որդիին հայրը իր կորսուած զաւակը կը սպասէր: Վերադառնանք դէպի մեր հայրական տունը. եւ ան պիտի ներէ մեզի եւ վերստին տայ մեզի որդիական պատմուճանը եւ իշխանութեան մատանին: Եւ ամէն օրհնութիւն դարձեալ մեզի պիտի ըլլայ վայելելու: Չմոռնանք՝ մենք Արքայից Արքային զաւակներն ենք. ապրինք որպէս այդպիսիներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ