Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն ուխտագնացութիւնը
Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, գլխաւորութեամբ` Համանուն կրթօճախի տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի` յետ Ծաղկաձորի մէջ իրենց կատարած բարեգործական առաքելութեանը, այս անգամ ուղղուեցան Արմաւիրի մարզ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու` Հայ ժողովուրդի Քրիստոնէացման հիմնաքարերը հանդիսացողներուն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ Հռիփսիմեանց կոյսերու խնկելի յիշատակին։
Ուխտագնացութեան առաջին սրբավայրը անշուշտ` Սուրբ Էջմիածնայ վանքը հանդիսացաւ։
Էջմիածինը Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնն է։
Այստեղ կը գտնուի Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ հիմնուած է Քրիստոսի իջման վայրը` կառուցուած 301-303-ին։
Ան աշխարհասփիւռ հայութեան սրբազան ուխտատեղին է եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը։
Էջմիածնայ մէջ` Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակման վայրերուն, հայոց Տրդատ թագաւորն ու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կառուցել տուած են վկայարաններ՝ կիսագետնափոր հանգստարաններ, որոնք հետագային փոխարինուած են` հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցները համարուող եկեղեցիներով։
Սուրբ Հռիփսիմէ Եկեղեցին, հիմնուած` 618-ին: Ան ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։
Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին` կառուցուած 630-ին։
Աւագ սեղանին տակ կը գտնուի Սուրբ Գայիանէի գերեզմանը։nԵկեղեցւոյ կից, թաղուած է` Րաֆֆիի "Խենթ"ը` Վարդանը։
Սուրբ Շողակաթ եկեղեցին, կառուցուած 6-7րդ դարերուն։
Շողակաթը եւս` ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։
Եկեղեցին հիմնուած է` այնտեղ, ուր Հռիփսիմեանց նահատակներուն վրայ «շող կաթած է" որմէ եւ յառաջացած է` Շողակաթ անունը։
Հայոց Ցեղասպանութեան Յիսուն ամեակի ոգեկոչման` 24 Ապրիլ 1965-ին, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան զանգուածային ցոյցեր։ Ի տես սոյն պոռթկումին` Հայաստանի կառավարութիւնը` ստիպուեցաւ վաւերացնել` 16 Մարտ 1965-ին, ներկայացուած դիմումը` յուշարձան կանգնեցնելու նպատակով։ Ծրագիրը աւարտեցաւ եւ բացումը կատարուեցաւ 29 Նոյեմբեր 1967-ին։
Այդ օրուընէ ցարդ` յուշահամալիրը դարձաւ համայն հայութեան ուխտատեղի։ Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, հազարաւոր հայեր եւ օտարներ կը բարձրանան այստեղ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու` 1915-ին, Թուրքերու կողմէ Հայոց նկատմամբ իրագործած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Բազմաթիւ մարդկանց թուին` Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանը եւս այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, անոնք ծաղիկներ զետեղեցին յաւերժական կրակին մօտ եւ խնկաբոյր աղօթքներով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին։
Հայաստանի պատմամշակութային վայրերու այցի շրջագիծին մէջ` Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի դպրեվանքի ժառանգաւորները, գլխաւորութեամբ` տեսուչի տեղապահ Գեր.Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի այցելեցին Գառնի եւ Գեղարդ։
Գառնին` Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է, հիմնուած` Քրիստոսէ առաջ 2166 թուականին։
Խորենացին անոր կառուցումը կը վերագրէ Հայկ Նահապետի ծոռան` Գեղամին, որու թոռան՝ Գառնիկի անունով կոչուած է Գառնի։
Գառնին հարուստ է պատմաճարտարապետական յուշարձաններով։ Այստեղ կը գտնուի Գառնի ամրոցը եւ Միհր դիցի նուիրուած 1-ին դարու տաճարը։
Առկայ է` չորրորդ դարու Սուրբ Պօղոս-Պետրոս, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները, Մաշտոց Հայրապետի եկեղեցին, (Թուխ Մանուկ եւ Սուրբ Սարգիս մատուռները)։ Գառնիի կամուրջը։
Գեղարդի վանական համալիրը`
Կոտայքի մարզի Գողթն գիւղի մօտ` Ազատ գետի վերի հոսանքի` աջ ափին կը գտնուի Գեղարդի վանքը` (Գեղարդավանք,որ նախապէս կոչուած է Այրիվանք)։ Եղած է միջնադարեան վանական համալիր։
Այստեղ պահպանուած է` յայտնի գեղարդը, որով հռոմէացի զինուորը խրած է Քրիստոսի կողը։ Գեղարդը` Հայաստան բերած է քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներէն` Թադէոս առաքեալը։ Այժմ Գեղարդը կը գտնուի Վաղարշապատի պատմութեան թանգարանը։
Վանական համալիրը կառուցուած է վաղ միջնադարուն, որը նախաքրիստոնէական շրջանին սրբատեղի եղած է։
Առաջին եկեղեցին հիմնուած է չորրորդ դարու սկզբը, երբ Հայաստանը քրիստոնէութիւնը հռչակած է որպէս պետական կրօն եւ յայտնի եղած է` որպէս` «Այրիվանք» կամ «Քարայրներու վանք»։
Վանքի հիմնադրումը կը վերագրուի հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորչին 301-325, իսկ հետագայ բարգաւաճումը՝ Սահակ Պարթեւին 387-439։
Գեղարդի վանական համալիրը եւս ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։
Դէպի Գեղարդ ուխտագնացութեան օրերն են` Վարդավառն ու Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը։
Խոր Վիրապի խաւարէն` հայ ժողովուրդի հոգիներու պայծառացման լոյսը ժայթքելով` լուսաւորեց համայն հայութեան սրտերը։ 642 թուականին Ներսէս Գ. կաթողիկոսը` սրբազան այդ վիրապին վրայ կանգնեցուց մատուռ մը։ Մատրան Աւագ խորանի աջին գտնուող մուտքը` ուղղաձիգ մետաղեայ աստիճաններու միջոցով` մեզ կը տանի ներքնայարկ` ուր վիրապն է։
13-րդ դարէն` Խոր Վիրապը դարձաւ նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան համահայկական դարբնոց։
1255-ին, Վարդան Արեւելցին վանքին մէջ հիմնեց բարձրագոյն դպրոց, որու նշանաւոր սաներն էին` Եսայի Նչեցին, Յովհաննէս Երզնկացին, Գէորգ Սկեւռացին, Ներսէս Մշեցին` որ հետագային Խոր Վիրապի դպրութիւնը բարձրացուց նոր մակարդակի։
Վիրապը ունի մօտ 4.5 մ. տրամագիծ եւ 6.5 մ. խորութիւն։
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները իրենց տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս վրդ.Մարաշլեանի հետ իջնելով Խոր Վիրապի խուցը` աղօթք բարձրացուցին եւ շարականներ երգելով իրենց ուխտը վերանորոգեցին` մնալ հաստատ իրենց կոչմանը մէջ եւ ծառայել ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ։
Ուխտագնացութեան ողջ տեւողութեանը, Հայր Պետրոս` իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով` Ուխտագնացութիւնը առաւել հետաքրքրական դարձուց, իսկ ժառանգաւորները` իրենց հերթին յստակացման հարցեր ուղղելով` լուսաբանուեցան։
Տեղին է նշել, որ Հայր Պետրոսն ու ժառանգաւորները` իւրաքանչիւր ուխտավայրի մէջ, իրենց աղօթքը բարձրացուցին Առ Աստուած, Հայաստան աշխարհի խաղաղութեան, ազգիս հայոց պայծառացման, Եկեղեցւոյ ծաղկման եւ կոչումներու բազմացման դիտաւորութեան համար։ Հոգեւոր սնունդով լիացած ուխտաւորները` երեկոյեան վերադարձան Երեւան։
Աղբիւրը` Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի դիմատետր
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ