Որոնել

Ադամն ու Եւան Ադամն ու Եւան 

Եկեղեցական գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Զկնի Վարդավառի (14-21 Յուլիս 2024)

Այս շաբթուայ ընթացքին` մեր եկեղեցին ունի շարք մը տօնակատարութիւններ սուրբերու, հայ թէ օտար. Կու տանք այստեղ անոնց մանրամասն յիշատակութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբթուայ ընթացքին` մեր եկեղեցին ունի շարք մը տօնակատարութիւններ սուրբերու, հայ թէ օտար. Կու տանք այստեղ անոնց մանրամասն յիշատակութիւնը։

Երկուշաբթի օր` 15 յուլիսին, կը տօնենք Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի աղջկան` Սրբուհի Շուշանի տօնը։ Վարդան երկու աղջիկ ունէր. Մէկու անունն էր Վարդենի, իսկ երկրորդինը` Վարդանոյշ։ Իսկ Վարդենիի փաղաքշական անունն էր Շուշան կամ Շուշանիկ։ Ան ամուսնացած էր Վրացիներու Աշուշա իշխանի տղուն` Վազգէնի հետ։ Իր քրիստոնէական դաստիարակութիւնը առած էր իր մեծ մօրմէն, Սահականոյշէն, որ աղջիկն էր Սահակ Կաթողիկոսին։ Իր վրան շատ ազդած էր իր հօր նահատակութիւնը եւ անշուշտ Հայաստանի անկեալ վիճակը այդ տարիներուն։ Որքան որ կ՛ապրէր իր կեսրայրը` Աշուշա, Շուշանի կեանքը ապահով էր, սակայն անոր մահէն ետք` երբ իր Վազգէն ամուսինը իշխեց հօր տեղ, երեւան եկաւ իր ամուսնոյն փառամոլ եւ չար նկարագիրը. Ան անմիջապէս Տիզբոն գնաց եւ ուրացաւ իր քրիստոնէական հաւատքը, ընդունելով Զրադաշտականութիւնը։ Ասոր վրայ Շուշանիկ քաշուեցաւ առանձին տուն մը եւ հոն ճգնեցաւ։ Սակայն Վազգէն բռնի կերպով զինք տուն բերաւ, ապա զինք բանտարկեց ու սաստիկ տանջանքներու ենթարկեց մինչեւ որ Շուշանիկ աւանդեց իր մաքուր ու առաքինի հոգին, ստանալով խոստովանողի ու նահատակի պսակը նման իր հօր` Քաջն Վարդանի։

Երեքշաբթի` 16 յուլիսին, տօնն է Կիպրիանոսի, Ափրիկէի Կարքեդոն քաղաքի եպիսկոպոսին, որ նահատակուեցաւ Վաղերիանոս կայսեր օրով, 255 թուին։ Ան նախապէս եղած էր կախարդ եւ մոգպետ. Փորձեց կախարդել Յուստիանէ անունով քրիստոնեայ կոյս մը, սակայն չյաջողեցաւ եւ , պարտուելով իրմէ, ինք եւս քրիստոնեայ դարձաւ։

Կիպրիանոս նշանաւոր եղած է որպէս քաջ եւ իմաստուն հովիւ իր հօտին. Մինչեւ այսօր տակաւին հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի իր զօրաւոր աղօթքը չարին դէմ, զանազան փորձանքներու եւ փորձութիւններու ժամանակ։

Հինգշաբթի օրը 18 յուլիսին, կը տօնենք Սեբաստիոյ 45 վկաները, որոնք տարբեր են Քառասուն Մանուկ կոչուած սուրբ նահատակներէն. Բոլորն ալ հայ էին –բացի 2 եւթոպացիներէ- եւ մաս կը կազմէին Սեբաստիոյ հայկական լէգէոնին. Իրենց Ղեւոնդիոս գնդապետին հետ ամէնքն ալ նահատակուեցան որովհետեւ չուրացան իրենց քրիստոնէական կրօնքը։

Անոնց հետ միասին կը տօնուի նաեւ Եւփիմէ կոյսը որ Քաղկեդոնացի ազնուական ընտանիքի մը աղջիկն էր, որ նահատակուեցաւ գազաններու առջեւ նետուելով, Դիոկղետիանոսի հանած հալածանքներուն ընթացքին, 307 թուին։ Տօնն է նաեւ Քրիստինէ կոյսին, որ Տիւրոս կը բնակէր, Փիւնիկէի մէջ, սակայն Հռովմայեցի ընտանիքի զաւակ էր։ Քրիստոնէութեան դարձի գալով, որոշեց հօրենական բոլոր հարստութիւնը բաժնել աղքատներուն. Այս պատճառաւ ալ ենթարկուեցաւ նախ իրեններուն հալածանքին, ապա տեղւոյն իշխանութեանց կողմէ նահատակուեցաւ երկրորդ դարուն։

Շաբաթ` 20 յուլիսին, հայ եկեղեցին կը տօնէ սուրբ նախահայրերը, ասիկա բացառիկ տօն մըն է որովհետեւ Սուրբերու կարգին կը դասէ նաեւ Ադամ, առաջին մարդը, ինչպէս նաեւ իր երրորդ որդին Սեթը։ Անշուշտ նաեւ սուրբերու մէջ կը դասուի առաջին անմեղը` Աբէլ, որ սպաննուեցաւ իր եղբօր` Կայէնի կողմէ։ Կը տօնուին նաեւ անոնք որ մտիկ ըրին Աստուծոյ խօսքին. Նոյ նահապետ, Աբրահամ, Մովսէս, Սամուէլ եւ այլն։

Կիրակի 21 Յուլիսը, Գ. կիրակին է Զկնի Վարդավառի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 09:58