Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Պորիս Սահակեան հանդիպեցաւ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ Օրաթերթի տնօրէնին հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կից կը ներկայացնենք Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հրատարակած հաղորդագրութիւնը.
2024թ. օգոստոսի 1 –ին Սուրբ Աթոռի ՀՀ դեսպան Տիար Պորիս Սահակեանը հանդիպում ունեցաւ “L’Osservatore Romano” վատիկանեան պաշտօնական օրաթերթի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Անտրէա Մոնտայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քրիստոնէական ընդհանուր ժառանգութեան մաս հանդիսացող հայկական պատմամշակութային, քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան հանրահռչակման, անոր սպառնացող վտանգներու վերաբերեալ իրազեկութեան ուղղութեամբ հետագայ համագործակցութիւնը։
Այս առումով ընդգծուեցաւ, թէ որքան կարևոր է, որ երբեք չխեղաթիւրուին մշակութային ժառանգութեան և պաշտամունքի վայրերու ինքնութիւնը, ինչպէս նաև պատմական փաստերը, որոնք անհերքելի են և ճանաչուած միջազգային հանրութեան, այդ թուին՝ գիտական հանրութեան կողմէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ