Որոնել

_DSC7738.JPG

Ուժի մէջ մտաւ «Praedicate Evangelium» Առաքելական նոր Սահմանադրութիւնը

«Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, Սուրբ մկրտութեան շնորհիւ, միսիոնար աշակերտ է` այնքանով, որքանով ան հանդիպեցաւ Աստուծոյ սիրոյն, Յիսուս Քրիստոսի մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Առաքելական նոր Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ:

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեկ՝ Յունիսի 5-ին, Պենտեկոստէի տօնին, գրեթէ մէկ տասնամեակ տեւած բարեփոխումներու ճանապարհ անցնելէ ետք ուժի մէջ մտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Praedicate Evangelium – Հռչակել Աւետարանը» Առաքելական նոր Սահմանադրութիւնը։

Ընդհանրապէս բարեփոխումները սկիզբ առած են դեռևս Պօղոս Զ-ի կողմէ հրապարակուած «Universi regimini Ecclesiae» (1967) սահմանադրութեամբ, որ հետագային Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը փոխարինեց «Pastor bonus» (1988) սահմանադրութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապի Առաքելական նոր Սահմանադրութեան հիմնական գաղափարները՝ այսինքն Աւետարանութեան առաջնահերթութիւնը և աշխարհականներու դերը, ուղղակիօրէն կը կապուին Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովին հետ։

Այդ Սահմանադրութեան համաձայն Սուրբ Աթոռի բոլոր պաշտօնական կառոյցները այսուհետ կը կրեն «Տիքասթեր»՝ «վերատեսչութիւն» անունը, իսկ անոնց ղեկավարները՝ «վերատեսուչ» տիտղոսը:

Ստորև յետադարձ հայեացք ձգելով Praedicate Evangelium-ին մէջ ներառուած բարեփոխումներուն, կը ներկայացնենք զանոնք՝ ըստ ժամանակագրութեան.

2014 թուականին ստեղծուեցաւ տնտեսական նոր մարմին մը՝ «Տնտեսութեան խորհուրդ», «Տնտեսութեան քարտուղարութիւն» եւ «Ընդհանուր քննիչ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը «Տնտեսութեան խորհուրդը» ստեղծեց՝ դրդուած առաւելապէս դատական լուրերով, վերահսկելու համար Հռոմէական Քուրիայի վարչական և ֆինանսական հաստատութիւնները և գործունէութիւնները:

«Տնտեսութեան քարտուղարութիւնը» պատասխանատու է Սուրբ Աթոռի և Վատիկան Պետութեան տնտեսական և վարչական գործերու համակարգումին

«Ընդհանուր քննիչին» վստահուած է Հռոմէական Քուրիայի վերատեսչութիւններու, Սուրբ Աթոռի հետ առնչուող կամ վերաբերուող հաստատութիւններու և Վատիկան Պետութեան կառավարութեան մատակարարութեան ծիրէն ներս հաշուապահական ստուգումներ՝ «աուտիդ» իրականացնելու առաջադրանքը:

2015ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնեց «Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւնը», որ հետագային ստացաւ «Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւն» անուանումը, ուր մէկ մարմնի ներքոյ միաւորուեցան Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութիւններու 9 գրասենեակները (Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական Խորհուրդը, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը, Վատիկանի Համացանցի Սպասարկութիւնը, Ռատիօ Վատիկանը, Վատիկանի Հեռուստատեսիլի Կենդրոնը, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը, Վատիկանի Հրատարակչատունը, Լուսանկարչական Սպասարկութիւնը, Վատիկանի Գրատունը)։ 2018 թուականէն նորաստեղծ վերատեսչութեան ղեկավարութիւնը վստահուած է աշխարհական անձի։

2016 ին հիմնուեցաւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութիւնը, որուն մէջ կը միանան Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդը եւ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը:

Կրկին 2016ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հիմնեց “Մարդկային համապարփակ զարգացումի” վերատեսչութիւնը անոր մէջ միացնելով Արդարութեան եւ Խաղաղութեան, Cor Unum, Գաղթականներու եւ Պանդուխտներու, Հովուական Առողջապահութեան Քահանայապետական չորս Խորհուրդները։

Նոյեմբեր 2017ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը փոփոխութիւններ կատարեց նաև Պետական Քարտուղարութեան կառոյցէն ներս. «Ընդհանուր Հարցերու» ու «Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու» բաժանմունքներու կողքին հիմնելով երրորդ՝ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի» բաժանմունքը:

Պետական Քարտուղարութեան Երրորդ Բաժանմունքի պարտականութիւնն է յատուկ օրէն զբաղիլ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի անդամներուն հայող հարցերով, ինչպէս՝ զօր օրինակ. դիւանագէտներու ընտրութիւնը, անոնց սկզբնական կազմաւորումը, անոնց կեանքի պայմանները եւայլն:

Փետրուար 2022ին Ֆրանչիսկոս Պապը փոփոխութեան ենթարկեց Հաւատքի վարդապետութեան ժողովի ներքին կառուցուածքը՝ յստակ կերպով տարանջատելով վարդապետական և կարգապահական իրաւասութիւնները՝ այդպիսով հիմնելով երկու առանձին բաժին։ Ըստ այդմ, Ժողովը նախագահող կարդինալը ունի երկու տեղակալ։ Բարեփոխման նպատակն է արժանի կարևորութիւն տալ՝ վարդապետական բաժանմունքին եւ անոր հաւատոյ տարածման գործին մէջ հիմնարար դերին, առանց անտեսելու կարգապահական գործունէութիւնը։

Այլ մէկ միաձուլում մը կը վերաբերի Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնաժողովին, որ կը դառնայ Հաւատքի վարդապետութեան վերատեսչութեան մաս՝ շարունակելով գործել իր չափանիշներով և ունենալով իր նախագահն ու քարտուղարը:

Ի վերջոյ, 19 մարտ 2022-ին հրապարակուեցաւ նոր՝ «Praedicate Evangelium - Հռչակել Աւետարանը» Առաքելական Սահմանադրութիւնը, որ կ’ամփոփէ վերը նկարագրուած փոփոխութիւնները՝ ներմուծելով այլ նորութիւններ՝ ի համալրումն բարեփոխումներու։

Ամենէ կարևոր փոփոխութիւնը Քուրիայի առաջին վերատեսչութիւնն է, որ՝ ի նպաստ աւետարանութեան, իր մէջ կը ներառէ Ժողովուրդներու աւետարանումի նախկին ժողովը եւ Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը:

Ընտրութիւն, որ ցոյց կու տայ Աւետարանի հռչակման ուղղութեամբ մտահոգութիւնը։ Այս վերատեսչութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ անմիջական կերպով կը կառավարուի Պապին կողմէ։ Անոր կ’օգնեն երկու փոխ վերատեսուչներ (մին` աշխարհի մէջ աւետարանականութեան հիմնարար հարցերու բաժանմունք, եւ միւսը` առաջին աւետարանութեան և նոր յատուկ Եկեղեցիներու բաժանմունք):

Միւս նորութիւններն են.

Մշակոյթի վերատեսչութիւնը՝ նախկին Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի և Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի միաւորումով։ Ան կ՜ունենայ մէկ վերատեսուչ։

«Առաքելական Ողորմաբաշխութեան ծառայութիւնը», որ պարզ գրասենեակ մըն էր եւ կը վերափոխուի ու կը դառնայ Հռոմէական Քուրիայի երրորդ Վերատեսչութիւնը, որ կը ստանայ «Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութիւն» անուանումը։

Հռոմէական Քուրիայի մաս չի հանդիսացող «Եպիսկոպոսներու Սինոդի գլխաւոր քարտուղարութիւնը», կը դառնայ պարզապէս «Սինոդի գլխաւոր քարտուղարութիւն»։

Սահմանադրութեան մէկ այլ նորութիւն է այն փաստը, որ Վերատեսչութիւններու ղեկավարները, նոյնիսկ նախկին Ժողովներու ղեկավարները, պարտադիր չէ, որ կարդինալներ ըլլան: «Praedicate Evangelium»-ում յիշատակած միակ երեք կարդինալներն են Առաքելական Բարձրագոյն Ատեանի վերատեսուչը և Տնտեսութեան խորհրդի համակարգողը ինչպէս նաեւ Սենեկապետ (Camerlengo) Կարդինալը:

Հաստատուած է ապա թէ կրօնաւորները եւ կղերական դասի անդամները Հռոմէական Քուրիայի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն հինգ տարուայ տեւողութեամբ ու այդ մէկը կարելի է նորոգել երկրորդ շրջանի մը համար, միշտ հինգ տարուայ տեւողութեամբ, որմէ ետք պէտք է վերադառնան իրենց թեմերը։

Վերջապէս, կայ մէկ այլ էական տարր նոր Սահմանադրութեան մէջ, որ կոչուած է իր հետագայ զարգացումներով պայմանաւորելու նաև տեղական Եկեղեցիներու և անոնց կառոյցներու կեանքի առարկայականութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ կը յիշեցնէ. «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, Սուրբ մկրտութեան շնորհիւ, միսիոնար աշակերտ է` այնքանով, որքանով ան հանդիպեցաւ Աստուծոյ սիրոյն, Յիսուս Քրիստոսի մէջ»: Այստեղէն ահա կը հիմնաւորուի աշխարհականներու ներգրաւուածութիւնը ղեկավար և պատասխանատու դերերու մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2022, 09:00