Մեր մասին
Վատիկան Նիուզը, Սուրբ Աթոռի տեղեկատուական նոր համակարգն է որ Ռատիօ Վատիկանի, Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի եւ Վատիկան Մետիայի հետ միասին, մտադիր է ժամանակակից մշակոյթի մէջ «աւելի պատշաճ կերպով արձագանքել եկեղեցւոյ առաքելութեան կարիքներուն»:
Վատիկան Նիուզի արկածախնդրութիւնը սկիզբ առաւ 27 յունիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի ինքնագիր նամակով, որով Ան հիմնեց Հաղորդագրութեան Քարտուղարութիւնը, որ այժմ դարձած է Հռոմի Քուրիայի նոր Բաժանմունք:
Vatican News, գերազանցելով թուայնացումի զուգամերձութեան պարզ գաղափարը, մտադիր է պատասխանել եւ որոշ իմաստով կանխել, հաղորդակցութեան վայրերու ու ձեւերու յարատեւ յեղաշրջումները, նպատակ ունենալով զանազան մշակոյթներով «բոլոր ազգերուն հաղորդել ողորմութեան Աւետարանը»: Կʼարտայայտուի եւ կը գործէ բազմալեզու, բազմամշակութային, բազմա-ալիքային, բազմա-մետիա եւ բազմա-սարքային հարթակներու միջոցաւ։
Ան ունի նիւթերու չորս բաժիններ, որոնք կը տեղեկացնեն Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռին ու տեղական Եկեղեցիներու գործունէութեան մասին, տեղ ապահովելով նաեւ աշխարհի լուրերուն:
Վատիկան Նիուզը կը հիմնուի Ռատիօ Վատիկանի լեզուային խմբագրութիւններու գործնական ուժին վրայ (Ծրագրուած եւ կառուցուած Կուլիելմօ Մարքոնիի կողմէ Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կամքով, Ռատիօ Վատիկանը իր հաղորդումները սկսաւ սփռել 12 Փետրուար 1931ին), եւ մտադիր է ոչ միայն տեղեկացնել, այլ յոյսն ու հաւատքը տանիլ համայն աշխարհին, Աւետարանի լոյսին տակ ընծայելով փաստերու մեկնաբանական բանալի մը։
Անոր ուղղորդող չափանիշն է «առաքելականը, միսիոներականը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով դժուարութեան, աղքատութեան եւ անհանգստութեան իրավիճակներուն» (Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան լիագումար հաւաքին, 4 մայիս 2017)
Կառավարիչ
Փաոլօ Ռուֆֆինի
Խմբագրական Տնօրէն
Անտրէա Թորնիելլի
Փոխ Տնօրէններ
Սերճօ Չենթոֆանթի – Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի
Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ խմբագրութեան պատասխանատու
Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի